Հակոբ Պարոնեան "Պաղտասար Աղբար"-ը Մհեր Մկրտիչեան

Մհեր Մկրտչյան                                   Մհեր Մկրտիչեան

   Լոս Անճէլըսի Հ.Բ.Ը.Մ. Արտաւազդ թատերախումբը՝ բացառիկ յաջողութեամբ շարք մը ելոյթներ ունեցաւ Դեկտեմբեր 8, 9,10, 13֊ի, երեկոները.Լոս Անճէլըսի Հ.Բ.Ը.Մ. Արտաւազդ թատերախումբը՝ բացառիկ յաջողութեամբ շարք մը ելոյթներ ունեցաւ Դեկտեմբեր 8, 9,10, 13֊ի, երեկոները. Ուիլչըր էպէլ թատերասրահին մէջ՝ հոծ թատերասէրներու ներկայութեան։
   Թատերախումբը զօրացած էր այս նպատակով Երեւանէն Մոնթրէալ եւ Լոս Անճէլըս եկած հայրենի մեծ դերասան Մհեր Մկրտչեանով, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան թատերախումբի բեմադրիչ եւ իրենց կարգին սփիւռքահայ սիրուած դերասաններ՝ Տէր եւ Տիկ.Պերճ Ֆազլեաններով եւ  «Արտաւաղդ» թատերախոլմբի վարիչ Ժիրայր եւ Նորա Բաբազեաններով։ Այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնր բերած  էին տեղական ուժեր՝ Վահէ Պէրպէրեան, Սերոբ Իսրայէլեան եւ Արմէն Գերասիմեան։
   Բացաոիկ ոգեւորութիւն ստեղծող այս ներկայացումները Լոս Անճելըսահայ ամանորեան մթնոլորտին բերին աննախրնթաց գեղարուեստական վայելք մը, իրենց ստեղծած միասնականութեան ոգիով, թատրոնի րմբռնումը եւ մատուցումը' այնքան բարձրութեամբ կատարելու ճարտարութեամբ եւ աննման Յ. Պարոնեանը՝ այնքան կատարեալ մեկնաբանելու կարողութեամբ:
   Եւ այս երեւոյթի ոգիին հետեւելու համար, մենք պիտի չմասնահատենք դերակատարութիւնները, թէ ինչպէս Պերճ Ֆազլեան գերազանցեց էրեն հանդէպ ունեցած մեր համարումը, կամ Ժիրայր Բաբազեանը ցուցաբերեց իրաւ դերասանի անվիճելի տաղանդ եւ թէ միւս մասնակցողները իրենց բաժիններով՝ գնահատանքով ողջունելի էին։ Այո, բայց եկէք աւելի գնահատենք այս գնահատենք Հ.Բ.Ը.Մ.ի պատասխանատուները, Պր. Բարսեղ Գարթալեանը ու իր գործակիցները, որոնք այս անակնկալ կաղանդչէքը իրականութիւն դարձուցին։
   Եւ պահ մը յամենանք Մհերին վրայ։Ել պահ մը յամենանք Մհերին վրայ։
   Մենք բախտը ունեցանք Մհեր Մկրտչեանի, հաւանաբար աւելի ճիչդ պիտի ըլլար ըսել մեր օրերուն Պաղտասարի, Յակոբ Պարոնեանին նոր այս հերոսին մտերմութիւնը վայելել մեր գրչի ընկերներու հետ։ Ան՝ անպաճոյճ, անկեղծ, ջերմ խօսքերով մեզի պատկերացուց Հայաստանի թատերական–սինեմարուեստի աննախընթաց նուաճումներր, հայրենիքի թատերական մթնոլորտը, մեր ժոդովուրդի սէրը, վառ հետաքրքրութիւնը դասական թէ ժամանակակից թատերախաղերու հանդէպ։ Եւ, մենք, աշխարհի թատրոն-սինեմայի մայրաքաղաքը, Հոլիվուտր նստած, լսեցինք եւ տեղեկացանք այն հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններուն, որոնք այնտեղ՝ Արարատի շուքին տակ կր նուիրադործուին։
   Եւ, Մհեր, բեմ չբարձրացած, մեր աչքերուն անգամ մը եւս բարձրացուց հայրենիքի մշակութային հգօրութիւնը եւ ընդգծեց սփիւռքահայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած հոգածութիւնը:
   Իսկ հազիւ բեմ բարձրացած, ժողովուրդը ամբողջ հիացմունքով պոռթկաց՝ զրուցելով Մհերին հետ՝ այն խօսքերով, զորս ան յաճախ կը լսէ հանդիսասրահէն՝ լռելեայն եւ յուզումնալի.Իսկ հազիւ բեմ բարձրացած, ժողովուրդը ամբողջ հիացմունքով պոռթկաց՝ զրուցելով Մհերին հետ՝ այն խօսքերով, զորս ան յաճախ կը լսէ հանդիսասրահէն՝ լռելեայն եւ յուզումնալի.
«Խաղա՝ Մհեր ջան, խաղա՝ բալա՝ ջան ... »։
   Մհեր ՄկրտչյանՍիրելի Մհեր, դուն տակաւին սրահներէն պիտի լսես այս աղաչանքը, որովհետեւ անոր մէջ կայ կարօտը որակարար թատրոնին, կայ յաւերժութիւնր քաղցամահ Յակոր Պարոնեանի վաստակին եւ պատգամներուն, կայ անպայման՝ պետութիւն ունենալու հզօրութեան գրաւականը եւ հպարտութիւնը :
Հայրենիքէն կու գաս Մհեր ջան,  հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ՝ կը հանդիսանաս հայ թատրոնի դեսպանը՝ մեզի բերելով Սունդուկեան թատրոնի նուաճումները, կը բերես հայրենի հայութեան իմացողական հասունութիւնը եւ իր գրողը յարգելու, գրողը ապրեցնելու ֆիզիքտպէս եւ բարոյասլէս՝ ժողովուրդին բարեփոխուած հոգեբանութիւնը:Հայրենիքէն կու գաս Մհեր ջան,  հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ՝ կը հանդիսանաս հայ թատրոնի դեսպանը՝ մեզի բերելով Սունդուկեան թատրոնի նուաճումները, կը բերես հայրենի հայութեան իմացողական հասունութիւնը եւ իր գրողը յարգելու, գրողը ապրեցնելու ֆիզիքտպէս եւ բարոյասլէս՝ ժողովուրդին բարեփոխուած հոգեբանութիւնը:
   Երբ բեմին վրայ, Պաղտասար Աղբարի տիպարով ներկայացար, մեզմէ խլած ծիծաղները կերթային այն հարազատ տիպարին, որ անմահն Պարոնեան ստեղծած էր, մինչ դուն՝ խօսքով թէ անխօս, շարժուն թէ լուռ, մեզի կր փոխանցէիր այն ողբերզութիւնր, որ պատուախնդիր հայ մարդը կապրէր՝ շրջապատի ապականութեան, անսկըզբունքութեան մեջ։
     Մհեր Մկրտչեան մը չէիր դուն, բեմին վրայ թէ կեանքին մէջ մենք քեզ կր ճանչնայինք Յ. Պա
րոնեանի պատգամի մարմնացումով. Այդ պատգամը՝ քու դէմքի անմոռանալի եւ աննկարագրելի արտայայտութեամբ կը խոցէ մեզ, կարծես կը խարանէ մեզ ցնցելով, թէ ինչպէս ան՝ մեծ զըրկըւածը, հարստացուց մեր սրտերը, թէ այսքան խինդ ու ծիծաղ խլող գրողը, իմչպէս լացով գերեցման գնաց :
   Մեծարեցիր մեր սիրելի Հ.Պարոնեանը եւ ժողովուրդը մեծցուց քեզ, փառաւորեցիր զայն, եւ ժողովուրդը փառաւորեց քեզ:     Ահա թէ ինչ կը նշանակի Հայրենիք, պետականութիւն ունենալ:
Ո՜րքան պինդ էր մեր կռնակը, ո՜րքան հպարտ իր մեր ճակատը այդ երեկոյ։
Կռունկնե՜ր հայաստանի,
Շո՛ւտ եկէք, շատ եկէք։
Լոս Անճէլըսի հայութիւնը անմոռանալի թատերական օրեր անցուց քեզնով, եւ քեզ շրջապատող այն թանկագին արուեստագէտներով, որոնք ոչ քեզի չափ բախտաւոր, բայց հայ թատրոնի նուիրեալներ են, քու բացատրութեամբ «ցերեկները TOYOTA ծախելով, երեկոները թատրոնին կը ծառայենք» :
Մհեր ջան, դուն փրկեցիր ժողովուրդը ամէն օր իրեն ուղղուած մեղադրանքներէն, թէ հայը թատրոն չի սիրեր: Հայութիւնը բոլոր օրերուն լեցուց սրահները, այնպէս ծափահարեց , արթուն եւ գիտակից հետեւեցաւ խաղերուդ, լացաւ քեզի հետ, ապշեցաւ ապչութեանդ վրայ, ծիծաղեցալ, դէմքին նրբագոյն շարժումներուն, մարմնային եւ լռութեանդ լեզուին վրայ հիացաւ, ձեռքերուդ շարժումներուն իմաստին թափանցեց։
Հայը, լաւ թատրոնը կը սիրէ։
Սիրելի Մհեր, մեր սերունդը բախտը չէ ունեցած վարպետներուդ «Պաղտասար Աղբար»-ները տեսնելու, բայց անոնց տաղանդը, շնորհը եւ յաջողութիւններու գրաւականը կր տեսնէ արժանաւոր Աշակերտիդ մէջ, քու կատարելութեան մէջ կը մեծնայ , կամեհանայ անունն ու յիշատակը անոնց՝, որոնք երբեմն օտար աստղերու տակ փայլատակէցան եւ անո՚նց՝ որոնք հայրենիքի գուրգուրանքով բազմապատկեցին իրենց նուիրագործումները եւ տուին այն ի՛նչ Արտաւաղդ դեռեւս 20 դար առաջ վճռեց մեզի տալ։
    Պատմութեան անցան Վահրամ Փափազեաններ, Հրաչեայ Ներսէսեաններ՝ պատմութեան առջեւ կը կանգնի Մհեր Մկրտչեան։
Եւ, սիրելի Մհեր, երբ Հայաստան վերադառնաս, Ամանորեան այս մթնոլորտի ամբողջ ջերմութեամբ մեր խօսքը տար քեղի հետ, – թէ մենք կր հաւատանք հայաստանի արձանագրած հզօր նուաճումներուն, թէ մենք կը հաւատանք Առիւծ Մհերներու յանձնել մեր ճակատագիրը, կողոպտիչ Մսրայ Մելիքներուն դէմ։
Խաղա՛ Մհեր ջան, խաղա՛ բալա ջան ... ։

"Նավասարդ"
1 - 1983

Печать